Բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները ճշդուած ժամին արդէն հաւաքուած
էին Սիտնիի Սենդրալ շոգէկառքի կայանէն ներս:
Պատանիներու եւ երիտասարդներու միջեւ ընկերային ջերմ մթնոլորտը
թեթեւցուց շոգեկառքի մօտաւորապէս 12 ժամուայ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւնը:Մինչ խումբ
մը պատանիներ իրենց չարութիւններու ծրագիրները կը մշակէին, անդին երիտասարդներու ուրիշ
խումբ մը իրենց ակնկալիքները կը բաժնեկցէին սկիզբ առած բանակումէն:
Յաջորդ օրուայ արշալոյսին 19 Յունուար 2015, շոգեկառքը վերջապէս
հասաւ Մելպուրն եւ բոլորը փոխադրակառքերու միջոցաւ ուղղուեցան շրջանի <<Հայ Կեդրոն>>ը,
ուր իրենց կը սպասէին Մելպուրնի <<Գարեգին Նժդեհ>> պատանեկան մասնաճիւղի
ընկերները: Նախաճաշելէ ետք բոլոր բանակող ընկերներն ու ընկերուհիները մեկնեցան բանակավայր:
Խումբը ամբողջացած էր, աւելի քան հարիւր Ա.Ե.Մ. անդամներ Դաշնակցութեան
դրօշին տակ <<Մշակ Բանուոր>> քայլերգով բացումը կատարեցին այս յատկանշական
բանակումին:
Յատուկ յանձնախումբ մը յառաջացուած էր Կեդրոնական Վարչութեան
կողմէ, որպէսզի ծրագրէր եւ առաջնորդէր ամէնօրեայ օրակարգի կէտերը:Անոնք ամիսներու հանդիպումներէ
ետք, եկած էին կանխատեսածնին իրականութեան վերածելու:
Պատրաստուած դաստիարակչական եւ ընկերային ծրագիրները ներկայացուցեցան
բանակողներուն տարիքի հիման վրայ: Սուրիահայութեան մասին ներկայացուած դասախօսութիւնը
իր իւրայատուկ ազդեցութիւնը ունեցաւ բանակողներուն վրայ, մանաւանդ երբ տեսան եւ լսեցին
իրենց տարեկից երիտասարդներուն ապրած դժուար պայմաններուն մասին:
Պատանիներուն համար յատուկ դասախօսութեամբ մը ներկայացուեցաւ
մասնաճիւղերու անուններուն կենսագրութիւնները, որմէ հասկցան հաւաքականօրէն հերոսի մը
անունը կրելու արժէքը:Դէմքերու կողքին, պատանիները ծանօթացան ամբողջական Հայաստանին
մաս կազմող <<Ջաւախք>>ի ու <<Նախիջեւան>>ի աշխարհագրութեան
եւ ներկայ վիճակին մասին:
Միւս կողմէ,երիտասարդներուն համար հետաքրքրական էր <<Նեմեսիս
գործողութեան>> մանրամասնութիւններուն մասին լսելը:Իսկ աւելին,
<<1975-1985 Զինեալ Պայքարի>> դասախօսութենէն ետք, անոնք ունեցան անկեղծ
զրոյց մը յիշուած ժամանակաշրջանի կարեւորութեան մասին:
Հակառակ մշուշոտ կլիմային, բանակողները խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ
մասնակցեցան իրենց համար պատրաստուած ընկերային խաղերուն:Նետի նշանառութեան խաղը սուր
մրցակցութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր խումբերուն միջեւ, իսկ <>-ը առիթը ստեղծած
էր ամէն մէկ անհատի, մի քանի վայրկեան օդին մէջ թռչելու իր խումբի անդամներուն օգնութեամբ:
Երգի ուսուցումը անպակաս էր օրակարգի կէտերէն,<<Մենք Անկեղծ
Զինուոր Ենք>> երգին բառերը մասնակցողները կրցան կարճ ժամանակի մէջ իւրացնել
արդիական ձեւով հրամցնելու շնորհիւ:Վերջին օրը ամբողջ բանակողները միասնաբար երգեցին
իրենց սորված երգը որուն տեսաերիզը տեղադրուեցաւ համացանցին վրայ:
Կ'արժէ նշել թէ 4 մասնաճիւղերու անդամները հաւասարապէս բաժնուած
էին 5 խումբերու, որ առիթը ստեղծեց ոչ թէ միայն իրար հետ ծանօթանալու եւ մտերմանալու,
այլ նաեւ պատանի-երիտասարդ փոխ-յարաբերութեան պտուղները քաղելու:Երիտասարդները պատանիներուն
օգնելով եւ դասաւորելով առաջնորդ դառնալու փորձարութիւնը ունեցան,իսկ պատանիները երիտասարդներուն
կեցուածքը տեսնելով օրինակ առին իրենցմէ:
Պահակութիւնը կենսական է բանակավայրի ապահովութիւնը հաստատելու
համար: Հետեւաբար բոլորը ,իրենց ճշտուած ժամերուն համաձայն, պաշտպանեցին իրենց դիրքերը
ի մասնաւորի բանակումի դրօշակները, ձախողութեան մատնելով երկու յարձակումի փորձեր:
Վերջին գիշերուան յայտագիր բաւականին երկար էր, խարոյկի շուրջ
բանակողները ներկայացուցին իրենց պատրաստած զաւեշտները:Քաջալերական էր որ բոլորը անխտիր
ճիգ թափած էին զանոնք Հայերէն լեզուով ներկայացնելու համար:
Բանակումի աւարտին Մելպուրնի մէջ տեղի ունեցաւ պարահանդէս
23 Յունուար 2015, որուն ներկայ էին բանակումի մասնակիցները,Մելպուրնի Հայութիւնը եւ
Սիտնիէն ժամանած հայրենակիցներ որոնք ճոխ մթնոլորտով
տօնեցին այս ծրագրին յաղթանակը:
Հսկայ այս աշխատանքէն ետք, բոլոր պատանիներն ու երիտասարդները
իրենց հետ տուն տարին անմոռանալի յիշատակներ, որ մինչեւ այսօր իրենց կը մղէ անհամբեր
սպասելու յաջորդ բանակումին:
Դիտելու համար բանակումի ամբողջական նկարները:




Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.