Աւագ հինգշաբթին նուիրված
է Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքին, իբրև Հաղորդութեան խորհրդի հաստատում: Քրիստոս
վերջին ընթրիքէն հետոյ, ցուցաբերելով ճշմարիտ հեզութեան ու խոնարհութեան օրինակ, կը
լուայ իր աշակերտներու ոտքերը:Աւագ հինգշաբթի երեկոյան կը կատարուի "Խաւարման
կարգ", ի յիշատակ մեր Տիրօջ Յիսուս Քրիստոսի մատնութեան ,խաւարման կարգ ի արարողութիւնը
կը վերաբերուի նաեւ Աւագ Ուրբաթին՝ խորհրդանշելով Տիրօջ խաչելութեունն ու թաղումը:
Խորանի վրայ կը վառուին տասներկու մոմեր,անոնցմէ մին սեւ գոյնով
որ,կը խորհրդանշէ Յուդան,իսկ մէկ հատ ալ մեծ մոմ մը խորանի կեդրոնը:
Խաւարման արարողութեան ընթացքին աւետարաններէն կը կարդացուին
եօթը հատուածներ
աւետարանական ընթերցումները
կը յիշեցնեն ,Յիսուսի Գեթսեմանի պարտեզի մէջի աղօթքը, Յիսուսի մատնութիւնը,Յանձնուիլիը,Ապտակուիլը,
Անոր անարգուելը եւ Պետրոսի երեք անգան ուրանալը:
Իւրաքանչիւր անգամ երբ աւետարան կը կարդացուի աւարտին մոմերը
մէկ-մէկ կը մարուին, վերջաւորութեան կը մնայ
կեդրոնի մեծ մոմը որ,կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսը որ մինակ լքուած էր:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.