Համբարձմն Քրիստոսի եւ Յիշատակ Փոխադրութիւն Հայրապետական Աթոռոյն
Հայոց ի Սսոյ ի Սբ.Էջմիածին. Համբարձում կը նշանակէ "Բարձրացում": Համբարձումը
Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնոց երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ
աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է,որ տեղի կ'ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր.Յարութեան
40- րդ օրը:
Յարութիւնէն ետք,Յիսուս
իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք,40- րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ
բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն."Երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ,զօրութեամբ
պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք,Երուսաղեմի,Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ մինչեւ
աշխարհի ծայրամասերը":Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը,Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ
որ ամպերը ծածկեցին զինք աշակերտներուն տեսեղութիւնէն:
Համբարձումի տօնի օր,Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ նաեւ Ամենայն Հայոց
Կաթողիկոսութեան Աթոռի Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրուիլը:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք որ,Հայ Եկեղեցւոյ Կեդրոնը եւ Ամենայն
Հայոց Կաթողիկոսութեան նստավայրը 484 թուականէն սկսեալ զանազան պատճառներով տեղափոխուած
է պատմական Հայաստանի այլազան վայրեր ,նաեւ Կիլիկիա: 1441 թուականին Կաթողիկոսութեան
Աթոռը Կիլիկիոյ Սիս մայրաքաղաքէն վերադարձաւ իր բնօրրանը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածիմ
:Այս որոշումը տրուեցաւ 25 Մայիս 1441թուականին Համբարձման տօնի օր:
Այսօր անուանակոչութեան տօնն է նաեի հետեւալ անուններուն: Համբարձում,Համբար,Համօ,Համբօ,Համբիկ
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.