Քիմ Քարտաշեանը վերջերս արժանացած է յատուկ շնորհակալութեան՝
Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցին օգնելու համար: Հիւանդանոցի նախագահ Փոլ Վիվիանոն՝
«Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր դեսպաններ»ուն հետ հանդիպման ժամանակ՝
Քիմ Քարտաշեանին նուիրած է յուշատախտակ մը:
Քիմը նաեւ ճանչցուած է «Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի պատուաւոր հայ դեսպան»:
Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Յատուկ հիւրերէն եղած է նաեւ արքեպիսկոպոս Յովնան Տէրտէրեան:
Քիմը նշած է, թէ ուրախ է, որ իր աշխատանքը գնահատուած է հայ համայնքին ու հիւանդանոցին
կողմէ։ 35-ամեայ հայուհին արդէն 8 տարի է կ՛այցելէ հիւանդանոց եւ օգնութիւն կը ցուցաբերէ:
«Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի հայ դեսպաններու խումբը»
հայերու խումբ է, որոնք կ՛աջակցին հիւանդանոցին` ստեղծելով առողջ ապագայ երախաներուն
համար:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.