Հայ Կեանքի հանրածանօթ Մտաւորական Ուսուցչիչ, Գրագէտ ԱՐԱՅ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆի
ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ (14
Յուլիս 1920-- 25 Սեպտեմբեր 2016).
Արայ Կարմիրեան
ծնած է , 14 Յուլիս 1920 թուականին Իսթանպուլի
մէջ : Եղած է Մխիթարեանի սան, ապա աւարտած է Իսթանպուլի համալսարանի ճարտարապետութեան
ճիւղը, եղած է Եկրաչափութեան ու գրահաշուագիտութեան
դասատու, Իսթանպուլի Մխիթարեան Վարժանի Սանուց Միութեան նախ հիմնադիր անդամը :
Ընտանիքով գաղթած է Գանատա, Գանատա գաղթելէ տարիներ վերջ ան
սկսած է հայերէն գրել ու գրական աշխարհէ ներս ծառայել իր գրելու ու վերլուծելու վարպետութեամբ:
Սկսած է, հրատարակել հատորները, որոնց կարգին՝
«Գրախօսականներ ու մտորումներ», «Երազի պէս», «Փունջ մը հայկական երգեր»: Աւելի ուշ
հետեւելով իր հօր Գառնիկ Կարմիրեանին, ինք ալ յօրինած է կարգ մը երգեր:
Հայ մշակոյթի եւ
գրականութեան կարող գրիչներէն եւ մեկնաբաններէն նաեւ քննադատներէն մէկը եղող 93- ամեայ Արայ Կարմիրեան ,25 Սեպտեմբեր
2016 թուականին Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի
մէջ կնքեց մահկանացուն .
Ամենակալ Տէրը
իր լուսաւոր օդեաններուն արժանի ընէ իմ եկրաչափութեան հանգուցեալ ուսուցչիչս ,իսկ ընտանեկան պարագաներուն սրբոյ հոգւոյն մխիթարութիւն պարգեւէ
Այս տխուր առ¬թիւ ցա¬ւակ¬ցու¬թիւն կը յայտ¬նեմ իր այ¬րիին, զա¬ւակ¬նե-րուն
եւ իր ամ¬բողջ ըն¬տա¬նի¬քին:
Աստուած հոգին
լուսաւորէ.Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղեցի
եւ վաստակն ապրողաց օրհնեալ եղեցի .Ամէն.
Տոքթ.Սարգիս Ատամ


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.