Ի տարբերութիւն քրիստոնէական
բոլոր եկեղեցիներու այս տօնը Հայ եկեղեցւոյ
մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 Յունուարին Հայաստեայց
Առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօներ ,Քրիստոսի
ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը կամ Աստուածայայտնութիւնը , մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ
այս երկու տօները կը նշեն առանձին եւ տարբեր օրեր:
"Ծնունդ"
բառը ,մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ կը նշանակէ "Սկիզբ"
,"Ծագում" , սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը,քանի որ, Ան մեր հաւատքին
համաձայն ոչ միայն կատարեալ մարդ է այլեւ կատարեալ
Աստուած , հետեւաբար "Ծնունդ" ը
ըսելով կը հասկնանք Անոր մարդկային
բնութեան կամ սկզբնութիւնը Մարիամի միջոջով
: Ասկէ երկու հազար տասնըվեց տարիներ առաջ
Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ ,առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս
եկաւ որպէս, կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած .
Հայաստանեայց Առաքելական
եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնտ կ'սկսի Յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին եւ ճրագալոյցի Սբ.Պատարագով կը բացուի խորանի վարագոյրը եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ
եւ յաղթական հնչիւններով կը հնչէ "Քրիստոս
ծնաւ եւ յայտնեցաւ" շարականը,ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ "Խթումի Գիշեր":
Խթումի գիշերը ,խոկումի,աղօթքի
,ներելու ,մեղքի ու յանձանքի ծանրութիւնէն թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը
իւրաքնչիւրը ներողն ու ներեալը մաքուր ու խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սիրտով ու հոգիով
դիմաւորէ մեծ տօնը:
Յաջորդ օր 6 Յունուարին
կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր Ս.Պատարգը, որուն կը յաջորդէ Ջրօրհնենքը, ի նշան Յիսուս
Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ տեղի ունեցած Մկրտութեան : Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին,
ժողովուրդը ըմբելով օրհնուած ջուրը հաղորդակից
կը դառնայ Քրիստոսի Մկրտութեան.
Հայաստաեայց Առաքելական
եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները կը շարունակեն 8 օրեր :Այս շրջանը կը կոչուի
''Ծննդեան Ութօրէք" :
Տօքթ.Ս.Ատամ
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.