Dr.med.Sarkis Adam
Փորթագալ Գեղարուեստական Տան,հիմնադիր հռչակաւոր հնաբան Ռաֆֆի
Փորթագալ և իր դուստրը Մայա Փորթագալ-Պիթարկիլի
կողմէ կազմակերպուած Թուրքիոյ առաջին "ԼՈՒՌ ԱՃՈՒՐԴ"(Սէսսիզ Միւզայտիյէ) ի
բացումը կատարուեցաւ 14 Յունուսր
2017 Շաբաթ օր,ժամը 17.00 ին ,հանրածանօթ արուեստագէտներու ևգեղարուեստասէր
հրաւիլեալներու ներկայութեամբ:Լուռ Աճուրդը պիտի շարունակէ,մինչեւ 21 Յունուար
2017 թուական ,գեղարուեստասէր այցելուներուն
պիտի ներկայացուի Ամսթերտամէն Իսթանպուլ բերուած Սիկմար Փոլգէ,Հէտիագի Գավաշիմա,Կէրհարտ
Ռիխթէր,Գարել Աբբէլ,Ֆէրնանտօ Պէթէրօ,Հենրի Մաթիսս,Պէրնարտ Պիւֆէ և այլ աշխարհահռչակ
արուեստագէտներու գեղարուեստական գործերէն 29 ընտիր նմուշներ.
Ի հարկ է նշել թէ, "Փորթագալ Գեղարուեստական Տան","Լուռ
Աճուրդ"ը իր բնագաւարին ներս Թուրքիոյ
մէջ աննախընթաց նախաձեռնութիւն մըն է:
Ի յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով ,սրտանց կը շնորհաւորեմ
"Փորթագալ Գեղարուեստական Տուն"ը
Տոքթ.Սարգիս Ատամ


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.