Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յայտնի գործիչներէն Մուրատ Պեպիրօղլու։ Դժբախտաբար ան վերջին շրջանին կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ եւ երէկ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ աւանդած է իր հոգին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բարեկամական շրջանակները։
Մուրատ Պեպիրօղլու 1942 թուականին ծնած էր Արաբկիրի մէջ։ Ծննդավայրին մէջ սկսած ուսումնառութիւնը շարունակած էր Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Ապա յաճախած Իսթանպուլի համալսարանը, ուրկէ վկայուած էր որպէս տնտեսագէտ։ Յաջորդող տարիներուն ան գործունէութիւն ծաւալած էր հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու ոլորտէն ներս՝ հիմնելով գովազդներու գործակալութիւն մը։ Այդ գետնին վրայ ձեռք բերած էր դրական համբաւ եւ հեղինակութիւն։ Մուրատ Պեպիրօղլու համայնքային կեանքին ալ մասնակցութիւն կը բերէր իր մտաւորական պաշարով։ Հեղինակած էր գիրքեր եւ յօդուածներ։ Միշտ միտք կը յոգնեցնէր մեր համայնքի վարչական խնդիրներուն շուրջ, մանաւանդ կեդրոնանալով անոնց իրաւական հէնքին վրայ։
1998 թուականի պատրիարքական ընտրութիւններուն Մուրատ Պեպիրօղլու ընտրուած էր պատգամաւոր։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Մուրատ Պեպիրօղլուի հոգւոյն ու կը ցաւակցինք իր այրիին, հարազատներուն եւ համայն ընտանիքին։
Շաբաթ, Փետրուար 18, 2017
http://www.jamanak.com/content/%D5%A9%D6%80%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B5-%D5%AF%D5%A5%D5%A1%D5%B6%D6%84/18-02-2017-%D5%B8%D5%B9-%D5%A5%D6%82%D5%BD-%D5%A7-%D5%B4%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A1%D5%BF-%D5%BA%D5%A5%D5%BA%D5%AB%D6%80%D6%85%D5%B2%D5%AC%D5%B8%D6%82

1 yorum:
Խոր սրտաբեկութեամբ կը վշտակցիմ, Ամենակալ Տէրը հանգուցեալին հոգին երկնային, լուսաւոր օթևաններուն արժանացնէ, իր այրի կողակցին ու համայն ընտանեկան պարագաներուն Հոգւոյն Սրբոյ մխիթարութիւն պարգեւէ:
Սիլվի Սրբուհի Մարազեան
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.