Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2012-ին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս
Եկեղեցւոյ
մէջ,
կատարուեցաւ
մասնաւոր
հոգեհանգիստ,
եկեղեցւոյ
բակին
մէջ
գտնուող
Ապրիլեան
յուշակոթողին
առջեւ:
Սուրբ
Պատարագին
ներկայ
էր
նաեւ
Սուրիոյ
մէջ
ՀՀ
Արտակարգ
եւ
Լիազօր
Դեսպան՝
Տիար
Փրոֆ.
Արշակ
Փօլատեանը:
Կէսօրին, Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող յուշարձանին առջեւ, Դամասկահայեր հոգեհանգստեան պաշտօնի
աղօթքով
իրենց
յարգանքի
տուրքը
մատուցեցին:
Օրուայ
պատգամը
փոխանցեց
Հալէպի
Հայ
Աւետարանական
Նահատակաց
Եկեղեցւոյ
Հովիւ՝
Պատուելի
Սիմոն
Տէր
Սահակեանը:
Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս Նալպանտեանը, Հայ Կաթողիկէ
Առաջնորդ
Արհ.
Տ.
Յիվսէփ
Եպս
Առնաութեանը
եւ
Դամասկոսի
Միութեանց
վարչականներ
ու
ներկայացուցիչներ
այցելեցին
ՀՀ
Դեսպանատուն
եւ
յուշամատեանին
մէջ
արձանագրեցին
իրենց
յարգանքն
ու
զօրակցութիւնը
հայ
նահատակներուն:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ
Եկեղեցւոյ
մէջ,
որմէ
ետք
հոգեհանգստեան
պաշտօն
կատարուեցաւ:
Յայտագիրի երաժշտական մասը ճոխացուց Նուէր Աֆարեանը, դաշնակի վրայ ներկաներուն ներկայացնելով Անոյշ Սպենդիարեանի
«Andantino«-ն: Երկրորդ կենդանի պատկերով հանդէս եկաւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եւ ներկայացուց «Ընդհարում 45-ին» բեմադրութիւնը,
գեղարուեստական
ղեկավարութեամբ
Տոքթ.
Ճօրճ
Բարսեղեանի:
Ապա Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբը, Սոնա Խաչատուրեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ
եւ
հեղինկաութեամբ, յուզական շարժումներով ներկայացուց «Եղեռնի
Յուշեր»
պարը:
Օրուայ հիւրը՝ Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբակիր, տիկին Պայծիկ Գալայճեան, «Պահանջատիրութեան ոգին փոխանցենք
գիտակցօրէն»
խորագրով
բանախօսեց,
շեշտելով
պահանջատիրութեան
ոգին
յետագայ
սերունդներուն
փոխանցելու
անհրաժեշտութիւնն
ու
հրամայականը:

Աւարտին Հայ Կաթողիկէ Միութեան «Քնար»
երգչախումբը, խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի եւ դաշնակի նոագակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի՝ յաջորդաբար ներկայացուց ազգային երգեր, դիւթելով ներկաները:
Յուշահանդէսը փակուեցաւ Դամասկոսի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի փակման խօսքով: Ապա Սրբազան Հօր պահպանիչ աղօթքով եւ Հայաստանի ազգային քայլերգով աւարտեցաւ յուշահանդէսը:
Միացեալ Յանձնախումբ
24 Ապրիլ 2012
Դամասկոս











Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.