Etiketler

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՍՏՈՐՆԱԳՈՅՆԸ

“Գարեգին Բ կաթողիկոսի նախաձեռնությամբ հուլիսի 30-ին սկսվեց Գերագույն հոգևոր խորհրդի ժողով: Ժողովի զոհասեղանին էր դրված Ֆրանսիայի թեմի առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոսի վիրավորված արժանապատվության իսպառ ոչնչացման հար-ցը”(30.07.2013 Հրապարակ):

Այսպէս կը գուժէր հայկական մամուլը` դաւադիրներու աւազակաորջին կողմէ Նորվան Սրբազանի տուած հրաժարականը ընդունուելու որոշման մասին: Արդարեւ, Նորվան Սրբազան եկեղեցականի քաջ կերպարով հայ հանրութեան աչքին աւելի´ բարձ-րացաւ, իսկ Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդը ընդունած իր նենգամիտ որոշումին համար աւելի քան երբեք հեղինակազրկուեցաւ: Ամէնուն պարզ դարձաւ, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ կոչուածը ընդամէնը գործիք մըն է կաթողիկոսին ձեռքը, անոր չարա-կամութիւնը ամրագրող խունացած կնիք մը, ամորձատուած ներքինիներու խումբ մը:
Ուշադիր մը նայեցէք վերի լուսանկարին, գառնուկի մորթ հագած սա սեւազգեստ գայլերու վոհմակին: Ժամանակակից փարիսեցիութեան գլուխ գործոց մը կ’ուրուագծէ պատկերը` սուտ ջերմեռանդութեան մը նողկալի տեսարանը, որ ձեռնամած աղօթասա-ցութեան խաբէական դիրքով, իր զոհասեղանին վրայ կ’ոչնչացնէ արժանապատուութիւնը եկեղեցական կարգով ու աստիճանով իր հաւատակից եղբօր` Նորվան Արք. Զաքարեանի: Մի´ մոռնաք, որ Յուդան ալ Հրէից ձեռքը մատնեց Յիսուսը` նենգութեան մը համբոյրով:
Հայ մատենագիրը ի զո~ւր պիտի անիծէր այս ստամբակները ըսելով` “Ընդ խաչա-հանունսն եղիցին” կամ “Ընդ Յուդայի գտցեն”, միեւնոյնն է, չարի գռեհկութիւնը արդէն ներթափանցած է մեր եկեղեցիի ղեկավարութեան սիրտը:
Գարեգին Բ. եղաւ Հայ Եկեղեցիի անդաստանին մէջ որոմ սերմանող չարագործ մը, ներքին բաժանումներ եւ, ահաւասիկ, Երուսաղէմի Ս. Աթոռին հետ անպատասխանատու հերձուած ստեղծող չարաղանդ հերետիկոս մը, հայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ խո-շոր գայթակղութիւն մը:
Ազգն ու Եկեղեցին ներկայիս կը գտնուին լուրջ հրամայականի մը առջեւ` սահմա-նափակել այս բռնագործ մարդուն ձեռքը վստահուած եկեղեցիին չարաշահուած հեղի-նակութիւնը: Բազմաչարչար եւ հաւատաւոր հայ ժողովուրդը արժանի´ է ունենալու աւելի լաւ հոգեւոր հայր մը` իսկական Կաթողիկոս մը:
Առկից ձեր նկատառման կը յանձնենք.
ա) Նորվան Սրբազանի հրաժարական նամակը, բ) Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ընդունած որոշումը, գ) Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին ուղղուած Նորվան Սրբազանի բողոքագիրը, դ) Երուսաղէմի Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մա-նուկեանի նամակը ուղղուած Գարեգին Բ.ին:

Hiç yorum yok:

Yorum Gönder

Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.