Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 2013 տարուոյ օրացոյցի <<Յիսնակի>>
պահոց շրջանը կը սկսի 17 նոյեմբեր կիրակի օր: Այս շրջանը Արեւմտեան եկեղեցիներու լեզուով կ'անուանուի Advent-ի շրջան: Եօթը շաբթուայ, յիսուն
օրուայ այս պահքի շրջանի վերջին շաբաթը կը կոչուի Սուրբ Ծննդեան Պահք: Յիսնակի Պահքի շրջանն ալ Մեծ պահոց շրջանի նման ինքնամաքրման,
աղօթքի ու խոկման ընթացք է:
Երբ , ինչպէս~
Մեծ Պահքի շրջանին մենք, մեզի ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս կը պատրաստենք Քրիստոսի
հրաշափառ Յարութեան, նոյնպէս ալ յիսնակի պահոց շրջանին նոյն ոգեւորութեամբ հարկ
է պատրաստուիլ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեանը: Այս շրջանն իր լրումին
կը հասնի Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագով եւ ջրօրհնենքի պատարագով, որը կը նուիրուի Քրիստոսի Մկրտութեան
ու Աստուածայայտնութեան:
Եօթը շաբթուայ յիսնակի շրջանի ընթացքին իւրաքանչիւր շաբթուայ
շաբաթ օրը կիրակամուտին շարականներու երգեցեղութեամբ
եւ աղօթքով մանիշակագոյն նոր մոմ մը կը վառուի: Ըստ աւանդութեան, մանիշակագոյնը
կը համարուի որպէս պաշտամունքի, վեհ զգացումներու եւ յուզումներու գոյն, որը անհատին
խորհուրդաւոր զօրութիւն եւ վեհութիւն կը ներշնչէ: Մոմավառութիւնը կը խորհդանշէ յաւիտենականութիւն,
կեանքի շարուակութիւնը:
Մոմավառութիւնը նախաքրիստոնէական
շրջանին կը խորհդանշէր պաշտամունք եւ աղօրք, իսկ Քրիստոնէութեան շրջանին կը խորհդանշէ Յիսուս Քրիստոսի անմահութիւնը եւ մեր
հաւատքի լոյսը: Քրիստոնէական ըմբռնումով, այրող մոմի լոյսը կը նոյնանայ Քրիստոսի լոյսով:
Ինչպէս որ մոմը վառելով կը լուսաւորէ իր շրջապատը, այնպէս ալ Քրիստոս Աւետարանի փրկարար
լոյսով կը լուսաւորէ մարդկանց խաւար սրտերը ու մեզ կը դարձնէ երկնային լոյսի ժառանգորդները:
Յիսնակի չորրորդ շաբաթին երբ որ եօթը մոմերէն չորրորդը կը վառենք,
այս շրջանը կը կոչենք <<Յիսնակի Միջինք>>, այսինքն միջինքի յաջորդող երեք
շաբաթներու վերջաւորութեան կը հասնինք Սուրբ
Ծննդեան տօնի: Յիսնակի միջինքի շաբաթով մուտք կը գործենք <<Սուրբ Յակոբ>>ի
պահքի շաբթուայ շրջանին, որուն կիրակի օրը
Սուրբ Յակոբի տօնն է:
Յիսնակի շրջանը կը լրանայ,Սուրբ Ծննդեան նախօրեակ շաբաթ օր կիրակամուտին
աղօթքներով եւ մանիշակագոյն վերջին մոմը, այսինքն
եօթներրորդ մանիշակագոյն մոմը եւ անոնց մէջտեղի
ճերմակ մոմը վառելով:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Sarkis Adam [sarkis_adam@yahoo.de]

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.