Թուրքիոյ Հանրպետութեան հռչակման սկզբնային շրջաններուն, Օսմանեան Կայսրութեան" Իթթիհատ
վէ Թէրրաքի Ճէմիէյթի" (Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութիւն,) մտայնութեան
հետեւորդ կուսակցութեան մը կողմէ Թուրքիոյ Փոքրամասնութեան համար պատրաստուած ''Ազընլըքլար Րաբօրու'' (Փոքրքամասնութեան
Զեկուցում) ի մէջ Յոյներու վերաբերեալ ներառնուած էր հետեւալ տողերը:""Այսօր
,Անատօլուի մէջ բնաւ Յոյն չի մնացածի չափ Յոյն
կայ եւ անոնք ապագային որեւէ տեղ մը վտանգ
հասցնելու ի վիճակի չեն, սակայն,Իսթանպուլի Յոյներու համար, մինչեւ Իսթանպուլի պաշարման
500. րդ.տարելիցին խիստ միջոցառումներ ձեռնարկել շատ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մըն է: Իսթանպուլը, առանց Յոյն բնակչութեան քաղաք մը դարձնելու նպատակաւ:( Ակ:Ա-Քիւրդ Սօրունանա Ճէօզում Արայըշը--Ֆայիք
Պուլութ-Օզայ Եայըն 1998 :
Բ-Պիր Րէսմի Մէթինտէն
Բլանլը Թուրքլէշթիրմէ Տէօնէմի -Րըտվան Ագար-Պիրգիիմ Եայընլարը-) :
Այս մտածելակերպը, իր
նպատակին հասնելու համար պատրաստեծ կարգ մը իրադարձութիւններ եւ միջոցներ որոնցմէ մին
է, նաեւ 6-7 Սեպտեմբեր1955 իրադարձութիւնը:
Օսմանեան ,Միաբանութեան ու Յառաջադիմութեան Միութեան նպատակն
էր,եկրի փոքրամասնութեան սեփականութեան տէր ըլլալ , անոնք ,կալուած ունենալէ եւ ունեւորութիւնէ
զրկել եւ կայսրութեան համար "Ազգային Սեփականութեան Դրամագլուխ " մը ստեղծել:
Այս նպատակաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ 1915 ի Հայոց Մեծ Եղեռնը,1924 ին բնակչութեան
Փոխանակումը,1942-1944 թուականներու միջեւ "Ունեւորութեան Տուրք"ը,եւ
6-7 Սեբտեմբեր 1955ի իրադարձութիւնը:
Այս անմարդկային ողբերգութիւնները ու տառապելի ցաւերը օրուայ
Թուրքիոյ որոշ դասակարգին նպատակներուն հասնելու
համար անկիւնադարձային լծակներ եղան:
Համաշխարհային Բ.պատերազմէ յետոյ, միջազգային քաղաքական ասպարեզի
մէջ քաղաքական որոշակի կշիռներ ստեղծուեցան :Օրուայ Կիպրոսի մէջ,Կիպրայոյներու նախաձեռնութեամբ
, Անգլիական գաղութատիրութեան դէմ մղուած անկախութեան պայքարը ծնունդ տուաւ
,"Կիպրոսի Հարց"ին, որուն դէմ Անգլիացները,Կիպրոսի մէջ բնակչութեան տեսակէտով
Յոյներէ աւելի քիչ բնակչութիւն ունեցող Թուրքերը գրգռելով,դէմ պայքարելու համար շարժման
անցուծին:Այս իրավիճակը պրկեց երկու ժողովուրդի միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ ստեղծեց
լարուած մթնոլորտ մը, որը գագաթնակէտին հասաւ:Այս կացութեան վրայ Յունաստան ,Թուրքիա,Անգլիա
պարտաւորուեցան խորհուրդակցութեան համար դիւանագիտական եռակի համաժողովի մը շուրջ հաւաքուիլ:Այս
պրկուած մթնոլորտի տակ , Սէլանիքի մէջ,Աթաթուրքի ծնաց տունի ռումբով յարձակումի լուրը,որը,օրուայ
Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ մասնաւորապէս պատրաստուած գրգռութիւն մըն էր, միջավայրը
ալ աւելի պրկելով 6-7Սեպտեմբեր 1955 ի իրադարձութիւնը
կրակող կայծը եղաւ:
Յոյներու տուները ու գործատեղիները,նախապէս կարմիր գոյնով խաչաձեւ
նշուելով մասնաւորապէս քանդելու ու թալանելու համար մատնշուեցան, փոքրամասնութեան, գերեզմանները, եկեղեցիները,դպրոցները,գործարանները,աշխատավայրերը,սրբավայրերը,քանդուեցան
ու թալանուեցան, կանայնք յարձակումի ենթարկուելով բռնաբարուեցան, բոլոր այս իրադարձութիւններուն,
իրաւապահ մարմիները աչք գոծեցին, նոյնիսկ թալանողներու մէջ կային նաեւ պաշտօնական համազգեստով անձեր, որոնք
հաւանաբար պաշտօնեաներ էին: Նոյն գիշէր ուշ ատեն "Ռազմական Դրութիւն" յայտարարուեցաւ
, սակայն ամինջապէս յաջորդ առտու այս դրութիւնը ջնջուեցաւ:
Այս իրադարձութեան տուրքը շատ ծանր եղաւ,ըստ "Ովքերու Գործն
էր 6-7 Սեպտեմբերը" վերնագրեալ յօդուածի տուեալներու, 73 եկեղեցի,1 գործարան,8 սրբավայր,1
Սինակօկ, 2 վանք, 5538 անշարժ գոյք,1004 աշխատավայր,26 դպրոց, 5 սփօրի ակումբ, 2 գերեզման աւերակի վերածուեցաւ,աւելի
քան 400 կանայք բռնաբարուեցան,աւելի քան 30 հոգի ծանր ձեւով վիրաւորուեցան եւ 3 հոգի
ալ մահացան:
Բացի Իսթանպուլի այս ծանր աղիւսեակի , Իզմիր քաղաքի մէջ ալ բազմաթիւ
եկեղեցիներ ,սրբավայրեր ու գործատեղիներ քանդուեցան :Բոլոր այս դպքերէն վերջ տեղի ունեցան
ձեռբակուլութիիւններ,սակայն կարճ ժամանակ մը վերջ բոլորն ալ ազատ արձակուեցան եւ այս
ամօթը ,երկար տարիներ "Ժողովրդի Ազգային Զգացմունքային Պատասխան" ,
"Ազգային Զգացմունք" ,"Ժողովուրդի Զայրութ" ,"Ազգային Զգացմունքի
Փրփրումը" անուանելով ,փորձուեցաւ մոռացութեան յանձնել:
Իր անցեալի մէջ ապրած ռազմական հարուածներու եւ անոր մտայնութեան հետ հաշուեկցելու սկսող ժամակակից
Թուրքիոյ Հանրապետութեան ժողովուրդարութեան
հայեցակարգը, յանուն մարդկութեան, արդիականութեան ու ժողովուրդավարութեան , մեծ ամօթ 6-7 Սեպտեմբեր 1955 ի իրադարձութեան հետ ալ պէտք է որ հաշուեկցի:
Շատ ցանցառ է որ ,ժողովուրդ մը իր անցեալի մէջ սեւ էջեր, թերութիւններ, ամօթներ
չունենայ , սակայն կարեւորը այն կէտն է որ,
ի յանուն այդ սեւ էջերուն տուած ցաւերը ու տառապանքներու մեղմացման ու ամոքման համար, անցեալը ճիշդ կարդալով ու լաւ մեկնաբանելով
,անցեալի հետ հաշուեկցութիւնն է:
Տօքթ.Սարգիս Ատամ
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.