ԵՐԵՒԱՆ.– Վարչապետ
Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Գերմանիոյ
մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ,
հասարակական-քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով ստեղծուած կառավարական
յանձնաժողովի նիստը: Նիստին ընթացքին որոշուած
է, որ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Յունուար 2015ին՝ ժամը
17:00ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ,
իսկ վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը՝ 3 Յունուարին՝ ժամը 11:00-13:00, Կոմիտասի անուան
կամերային երաժշտութեան տան մէջ, ապա յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի
Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Վահանը՝ Վահանի Վրայ
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Շաբաթէն Կիրակի լուսցող
գիշերուան ժամը 1ի մօտերը, ընկեր մը հեռաձայնիս վրայ արձանագրեց Վահան Յովհաննիսեանի
մահուան բօթը: Շատերու ու իրեն պէս, ես ալ գիտէի, թէ իր կեանքին թելը մօտ է աւարտին:
Կանխաւ «հաշտուած» էի, սակայն հիմա չեմ կրնար հաշտուիլ Վահան Յովհաննիսեանի մահուան
հետ:
Մէկը, մեր ժողովուրդի
վերջին 25 տարիներու պատմութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն: Իսկ փայլուն դէմքերը անոնք
են, որոնք հետք կը ձգեն իրենց ետին, որոնց մասին խօսուածն ու գրուածը կրնայ գալ միայն
սիրտերէն ու իմացական աշխարհէն ու ոչ թէ «յաւուր պատշաճի»ի սովորութենէն:
Փայլուն դէմքերը անոնք
են, որոնց բացակայութիւնը պարապութիւն մը կը ստեղծէ: Կը բաւէ ներկայ ըլլալ իր ելոյթներուն՝
հանրային բեմերու վրայ, կամ կազմակերպական միջավայրէ ներս, խորհրդարանի ամպիոնին վրայ
կամ հանրահաւաքի ընթացքին, համոզուելու համար, որ ընթացիկ, սովորական անձի մը հետ չէ
մեր գործը:
Սուր միտքի տէր, չարին
նկատմամբ անխնայ, թիւրին ու թերիին նկատմամբ պարոնեանական սրամտութեամբ օժտուած անհատականութիւն
մը: Ճառագայթող անձնաւորութիւն մը: Յեղափոխականի հոգիով ու յեղափոխող միտքով մէկը,
որ գիտցաւ արագօրէն գործի վերածել իր համոզումներն ու հաւատամքը: Իր այն հաւատամքը,
որուն անբաժանելի մասը դարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարական աշխարհը:
Այս գաղափարի աշխարհին
զինուորը եղաւ Վահան Յովհաննիսեանը ու իր այս համոզումն էր, որ զինք ուղարկեց Արցախ,
ազատագրական պայքարի ամենաբուռն ժամանակաշրջանին: Հետեւաբար, ան եղաւ ոչ միայն գաղափարի
զինուոր, այլեւ ազատագրական պայքարի մարտիկ: Ան հաւատաց, որ կա՛մ վահանի վրայ, կա՛մ
վահանով պիտի վերադառնար: Այս գաղափարի աշխարհէն իր սորվածը իրեն թելադրած էր հետեւեալ
պարզ տրամաբանութիւնը. «Հողը ազատագրե՞լ կ՛ուզէք, խնդրեմ. բայց պատրա՞ստ էք գերագոյն
զոհաբերութեան»:
Վահան Յովհաննիսեան
Արցախէն վերադարձաւ վահանով:
Յետագային, գաղափարի
զինուորը եղաւ նաեւ պետականութեան կառուցման մասնակից: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
պատասխանատու մարմիններէն կամ պետական զանազան օղակներէ ներս, Վահանը յատկանշուեցաւ
քաջութեամբ ու միտքի փայլատակումներով, որովհետեւ ան իր մէջ ունէր Դաշնակցութեան գաղափարական
աշխարհի ամբողջ զինանոցը:
Մարտահրաւէրները ճակատէն
դիմագրաւող մարդը եղաւ ան, ոչ միայն Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին, այլեւ խորհրդարանէն
ներս՝ յանուն աւելի արդար Հայաստանի մը կերտումին: Նոյն այս մտածողութիւնն էր զինք
առաջնորդողը Եւրոպայի մէջ թէ ուրիշ տեղ, հոն ուր Հայաստանի շահերը պաշտպանելու եւ առաջ
մղելու օրակարգ կար: Նոյն այս տրամաբանութեամբ էր, որ ան ստանձնեց Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի
դեսպանի պաշտօնը՝ իբրեւ պայքարի ուրիշ տեսակի խրամատի մարտիկ: Մինչեւ որ…
Հիմա Վահանը կը վերադառնայ…
վահանի վրայ:
Լոս Անճելըս
Դեկտեմբեր 28,
2014
Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.