Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան
նախկին ղեկավար Տէյվիտ Պոնիորը արժանացաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի
բարձրագոյն` «Ազատութեան» մրցանակին` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման
գործին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումին համար:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքը կը հաղորդէ,
որ մրցանակը ամերիկացի նախկին պաշտօնեային պիտի շնորհուի 14 նոյեմբերին` կազմակերպութեան
9-րդ ամէնամեայ ընդունելութեան ձեռնարկին ընթացքին: Տէյվիտ Պոնիոր եւ Ֆեթհիյէ Չեթին
«Ազատութեան» մրցանակ պիտի շնորհուի նաեւ մարդու իրաւունքներու գործիչ, թուրք գրող Ֆեթհիյէ Չեթինին: Ան հեղինակն
է «Մեծ մայրս» գիրքին, որուն լոյս տեսնելէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին թուրք հասարակութեան մօտ հետաքրքրութեան զգալի աճ
արձանագրուած է:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.