ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».-
Պոլսոյ Թուզլա շրջանը գտնուող «Արմէն» ճամբարը Հոկտեմբեր 27ին վերադարձուեցաւ Պոլսոյ
Հայ աւետարանական համայնքին: Այս լուրը հաստատեց Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ
հիմնարկի փաստաբան Սեպուհ Ասլանքիլը՝ նշելով, որ սեփականութեան վկայականը արդէն իսկ
յանձնուած է հիմնարկին։
Լուրը հաստատեց
նաեւ ճամբարի վերադարձին համար ստեղծուած յատուկ խմբակի ներկայացուցիչները, որոնց հրապարակած
յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «2015ի Մայիս 6ին մեր սկսած պայքարը, դիմադրութեան
175րդ օրը՝ 2015ի Հոկտեմբեր 27ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Ճամբարը վերադարձուեցաւ
Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին: Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք
պայքարի բոլոր աջակիցներուն, ինչպէս նաեւ՝ «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան»:
Դիմադրութեան արշաւը
նախաձեռնողները այս առթիւ նշեցին իրենց տարած յաղթանակը: Այժմ հայկական այս ճամբարը
կիսաքանդ կառոյց մըն է: Անիկա եղած է չքաւոր ու որբ հայ երեխաներու ամառնային ճամբար:
1961ին գնուած է Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ ծառայած իբրեւ ամառնային
ճամբար, ուր յաճախած է նաեւ 2007ին սպաննուած յայտնի հայ լրագրող Հրանդ Տինք: Յետագային
ճամբարը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար խլուած է հայ համայնքէն:
Մայիս 6ին, ճամբարի
ներկայ սեփականատիրոջ նախաձեռնութեամբ սկսած էր ճամբարը քանդելու աշխատանքը, սակայն
կարճ ժամանակ անց՝ Թուրքիոյ հայ համայնքը բողոքած էր եւ կրցած էր կասեցնել ամբողջական
քանդումը:


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.