ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 26
Նոյեմբերին կայանալիք «Հեռուստամարաթոն 2015»ի գլխաւոր նպատակն է բնակարաններով ապահովել
5 եւ աւելի երեխայ ունեցող բազմազաւակ ընտանիքները: Անիկա պիտի սկսի 26 Նոյեմբերին,
Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 22:00ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ առաւօտեան ժամը
10: «Մեր տունը» խորագիրով համահայկական դրամահաւաքին ներդրում կրնայ ունենալ ոեւէ
անձ՝ նպաստելով հիմնադրամի նախաձեռնած բնակարանաշինութեան:
Տարուան գլխաւոր դրամահաւաք–նախաձեռնութիւնը պիտի հեռարձակուի
«Հայաստանի Հանրային», «Արմէնիա», «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի ալիքներէն եւ
համացանցային կապով՝ www.himnadram.org եւ
www.armeniafund.org կայքերուն միջոցով:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.