(տեղի ունեցան Գերմանիոյ Հայոց Թեմի նոր ընտրութիւնները). 5 եւ 6 Մարտ 2016 թուականներուն Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի:
****
ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ DIÖZESE DER ARMENISCHEN
KIRCHE IN DEUTSCHLAND
Allensteiner Str. 5, 50735 Köln, Tel.: 0221/ 7126223 –
71500397 Fax: 7126267
www.armenische-kirche.de, E-Mail:
info@armenische-kirche.de
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
(տեղի ունեցան Գերմանիոյ Հայոց Թեմի նոր ընտրութիւնները)
5 եւ 6 Մարտ 2016 թուականներուն Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդանիստ
Քէօլն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Թեմական-Պատգամաւորական տարեկան հերթական ժողովը, որուն
ներկայ գտնուեցան Թեմի 15 համայնքներէն շուրջ 35 պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Թեմին
հոգեւոր դասը` նախագահութեամբ Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի:
Երկօրեայ ժողովը իր օրակարգին վրայ ունէր զանազան հարցեր, ինչպէս
օրինակ Առաջնորդարանի եւ իրեն կապուած համայնքներու 2015 թ. գործունէութեան տեղեկագրութիւնները
եւ նիւթական հաշուետւութիւնները, Առաջնորդարանի հոգեւոր գործունէութիւնը, փոխ-յարաբերութիւնները
ՀՀ Դեսպանութեան եւ Գերմանահայ զանազան հաստատութիւններու հետ:
Օրակարգային հարցերու շուրջ, որոնք ներկայացուեցան պատասխանատու
անձերու կողմէ, տեղի ունեցան աշխոյժ քննարկումներ, կատարուեցան զանազան առաջարկներ,
որոնք ափոփուեցան արձանագրութեան մէջ եւ յանձնուեցան Թեմական Խորհուրդի ուշադրութեան
եւ ի պահանջել հարկին` գործադրութեան:
2016-ի ԹՊԺ-ի Օրակարգը կը ներառնէր նաեւ Թեմական մարմիններու
նոր ընտրութիւններ, քանի որ լմնցած էր անոնց գործունէութեան 3-ամեայ տարեշրջանը:
Փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ԹՊԺ-ի Դիւանին մէջ ընտրուեցան`
Տոքթ. Խաչիկ Րաֆֆի Կազէր, Տոքթ. Մարգարիտ Ասօյեան-Լինգ, պրն.
Պենյամին Պօղոսեան եւ պրն. Լեւոն Դանօյեան:
Թեմական Խորհուրդին մէջ ընտրուեցան`
Տիկ. Սօսի Շայէր, Տոքթ. Սարգիս Ատամ, Տոքթ. Ֆրեդ Միրզախանեան,
պրն. Արա Վարդանեան, պրն. Սերովբէ Օտապաշեան, պրն. Գրիգոր Սաղլամէր, պրն. Վազգէն Ուրախեան
եւ պրն. Ռոպէր Ելեկէն:
Հաշուեքննիչ մարմնին մէջ ընտրուեցան`Տիկ. Հիլտա Տէիրմենճի եւ
տիկ. Ռիթա Գրիգորեան:
ԹՊԺ-ի երկօրեայ նիստերը փակուեցան Բարձշ. Տ. Գարեգին Արքեպս.
Պէքճեանի օրհնութեան խօսքով, որուն ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց
Թեմական մարմիններու նախորդ տարիներու անդամներուն եւ շնորհաւորեց նորընտիր անդամները:
ԹՊԺ-ը իր աւարտին հասաւ Գարեգին Սրբազանի «Պահպանիչ» աղօթքով
եւ միասնական «Հայր մեր»ով:
Դիւան Առաջնորդարանի
Քէօլն, 10.03.2016 Դիւան Առաջնորդարանի


Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.