ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ույկար Կիւլթեքին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը,
Մարտ 25ին տուած մէկ որոշումով, պետականացուցած է Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ
գտնուող 6300 կառոյցներ եւ տարածքներ, որոնց շարքին նաեւ՝ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:
ետականացուած կալուածներու շարքին են նաեւ ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիներ:
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին տարիներ շարունակ ձգուած էր բախտի քմահաճոյքին:
Վերջին տարիներուն, մեծ ջանքերու շնորհիւ վերանորոգուած ու վերաբացուած էր հայկական
այս սրբատեղին:
«Ակօս»ի թղթակիցը կապ հաստատած է Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի
Մշակութային ժառանգութեան գրասենեակի նախագահ Նեւին Սոյլուքայանի հետ, որ իր կարգին
յայտնած է, թէ Սուրի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն եւ հիմնադրամներու պատկանող տարածքներուն
պետականացման որոշումը կայացած է արդէն: Այդ կալուածներու ցանկին մէջ կը գտնուին քաղաքապետարանին
պատկանող ունեցուածքներ, որոնց համար քաղաքապետարանը որոշած է դատի տալ կառավարութիւնը:
Սոյլուքայան նաեւ յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է, որ սեփականատէրերը
նոյնպէ՛ս դատական գործընթացի սկսին:
Թուրքիոյ մէջ հիմնադրամներուն առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւններէն
ետք, Պոլիս բնակող տիգրանակերտցիները վերստեղծած էին Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը
եւ սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Եկեղեցին վերականգնած էր տարբեր երկիրներէ
ստացուած օգնութեանց շնորհիւ: Վերականգնումի աշխատանքներուն համար, շուրջ 2 միլիոն
թրքական լիրա ծախսուած է:

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.