Երկրի մը մէջ ծնիլ, ուրիշ երկիր մը ապրիլ, տարբեր երկրի մը մէջ
մեռնիլ և չորրորդ տեղ մը թաղուիլ:
Բազմաթիւ լեզուներ խօսիլ, սակայն ոեւէ մէկը կատարեալ չգիտնալ,
մանաւանդ հայերէնը:
Անաստուած ըլլալու իսկ պարագային, եկեղեցի յաճախել, կրօնական
արարողութեանց հետեւիլ բան մը չհասկնալով:
Եկեղեցիի մը թաղական ըլլալ առանց անոր օրէնքները ճանչնալու:
Խոնարհ ըլլալ օտարներու հանդէպ և գոռոզ՝ իր ազգակիցներուն:
Ապրիլ օտար երկրի մը մէջ հայրենիքի կարօտով և հայրենիքի մէջ՝
օտար երկիրներ երազելով:
Ողբալ հայերէն լեզուին նահանջին, բայց տան մէջ օտար լեզուով
խօսիլ:
Ընկերային դիրքը բարձրանալուն զուգահեռ հայութիւնը մոռնալ, զայն
յիշել միայն երբ ծերութեան դուռը հասնի:
Ունենալ արեւելահայերէն և արեւմտահայերէն, երկու ուղղագրութեամբ:
Օտար լեզուով խօսիլ, հայերէն աղօթել, թրգերէն երգել և հայհոյել:
Ադրինե Գաբրիելյան
Գրվել է 12 Հունվարի 2011 -ին
Mashtots

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.