Ի տարբերութիւն քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու այս տօնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ունի երկու անուն եւ երկու իմաստ
ու խորհուրդ: Ամէն տարի 6 Յունուարին Հայաստեայց Առաքելական եկեղեցին կը նշէ երկու տօներ ,Քրիստոսի ծնունդը եւ անոր Մկրտութիւնը
կամ Աստուածայայտնութիւնը , մինչդեռ ուրիշ եկեղեցիներ այս երկու տօները կը նշեն առանձին
եւ տարբեր օրեր:
"Ծնունդ" բառը ,մեր մարդկային առօրեայ հասկացողութեամբ
կը նշանակէ "Սկիզբ" ,"Ծագում" , սակայն Յիսուս Քրիստոսի պարագային տարբեր է մեր մօտեցումը,քանի որ, Ան մեր հաւատքին
համաձայն ոչ միայն կատարեալ մարդ է այլեւ կատարեալ
Աստուած , հետեւաբար "Ծնունդ" ը
ըսելով կը հասկնանք Անոր մարդկային
բնութեան կամ սկզբնութիւնը Մարիամի միջոջով
: Ասկէ երկու հազար տասնըվեց տարիներ առաջ
Աստուծոյ որդին իր աստուածային բնութեամբ ,առաւ նաեւ մարդկային բնութիւն եւ հանդէս
եկաւ որպէս, կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած .
Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնտ
կ'սկսի Յունուար 6-ի նախընթաց երեկոյին եւ
ճրագալոյցի Սբ.Պատարագով կը բացուի խորանի
վարագոյրը եւ եկեղեցւոյ մէջ ուրախ եւ յաղթական հնչիւններով կը հնչէ "Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ"
շարականը,ժողովուրդը այս երեկոն կը կոչէ "Խթումի Գիշեր":
Խթումի գիշերը ,խոկումի,աղօթքի ,ներելու ,մեղքի ու յանձանքի ծանրութիւնէն
թօթափելու գիշեր մըն է, որպէսզի յաջորդ օրը իւրաքնչիւրը ներողն ու ներեալը մաքուր ու
խաղաղ , թեթեւ ու զուարթ սիրտով ու հոգիով դիմաւորէ մեծ տօնը:
Յաջորդ օր 6 Յունուարին կը մատուցուի Ծննդեան հանդիսաւոր Ս.Պատարգը,
որուն կը յաջորդէ Ջրօրհնենքը, ի նշան Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջ տեղի ունեցած
Մկրտութեան : Օրհնուած ջուրը կը բաժնուի ժողովուրդին, ժողովուրդը ըմբելով օրհնուած
ջուրը հաղորդակից կը դառնայ Քրիստոսի Մկրտութեան.
Հայաստաեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ Ծննդեան տօնակատարութիւնները
կը շարունակեն 8 օրեր :Այս շրջանը կը կոչուի ''Ծննդեան Ութօրէք" :
Տօքթ.Ս.Ատամ

Hiç yorum yok:
Yorum Gönder
Not: Yalnızca bu blogun üyesi yorum gönderebilir.